2014-10-04 10:20:37

Մերձաւոր Արեւելքը Սուրբ Աթոռին ուշադրութեան կեդրոնն է`''ռմբակոծումները խնդիրներու լուծումը չեն''։


Մերձաւոր Արեւելքը իր ողբերգական իրադարձութիւններով՝ կը շարունակէ մնալ Միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնը ։
Սուրիական հակամարտութեան կարգաւորման գործերուն մէջ Եկեղեցւոյ ունեցած դերի մասին խօսած է Դամասկոսի մօտ Առաքելական նուիրակ Արքեպիսկոպոս Մարիօ Զէնարին՝ Ռատիօ Վատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին։ ՝՝Թէեւ եկեղեցին զէնք չունի պատերազմելու համար, բայց ունի հոգեւոր զէնք՝որ շատ աւելի արդիւնաւէտ է՝ աղօթքը, մարդոց հետ հանդիպումը, եւ անոնց հետ խօսիլ որպէսզի մտածեն, ըսած է Արքեպիսկոպոս Զէնարին վստահացնելով որ ''Եկեղեցին խաղաղութեան պայքարին մէջ առաջնակարգ գիծին վրայ կը գտնուի''։
Քահանայապետը բազմաթիւ առիթներով կոչ ըրած է միջազգային հասարակութեան միջոցներ ձեռնարկելու, լուծելու համար խնդիրները՝ առանց զէնքի ուժ գործածելու։
Անցեալ սեպտեմբեր 29-ին, ՄԱԿ-ի 69-րդ նստաշրջանին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինը իր արտասանած խօսքին մէջ վերլուծելով Արեւելքի մէջ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակի պատճառները եկեղեցւոյ տեսանկիւնէն, առաջարկած է լուծումներ՝ կարգաւորելու համար հակամարտութիւնները։ ''Նախ, հարկ է նպաստել մշակոյթներու միջեւ երկխօսութեան ու փոխադարձ ըմբռնումի զարգացումը… սոյն ճանապարհը պէտք է ըլլայ միջազգային հանրութեան եւ կառավարութիւններու ակնյայտ նպատակը, եթէ իսկապէս կ՝ուզենք հաստատել խաղաղութիւնը'', շեշտած է Վատիկանի Պետական քարտուղարը։








All the contents on this site are copyrighted ©.